image

Հայ դպրոցը Պոլսոյ մէջ.Թիւ մէկ օրակարգը տեսլական ունենալն է

Հայ դպրոցը Պոլսոյ մէջ.Թիւ մէկ օրակարգը տեսլական ունենալն է

Օրերս Պոլսոյ մէջ հրապարակուող  հայկական «Ակօս» պարբերականը ուշագրաւ եւ բաւական կարճ լրատւութիւն մը կատարելով հաղորդած է, որ Պոլսոյ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը շարունակէ նուազիլ։

 Ի հարկէ նորութիւն մը չէ այս խնդիրը,  բայց եթէ հաշուի առնենք Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր իրականութիւնը ապա բախտաւորութեան բաժին մը պէտք է ապրի ինքը՝ պոլսահայութիւնը։

  Համեմատաբար խաղաղ, սակայն տնտեսական բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ ունեցող երկիր է Թուրքիան, իսկ Պոլիսը, որ այդ երկրի   իսկական սիրտն է կը շարունակէ  մեծ պայքարներու մէջէն անցնիլ։Հայութիւնն ալ իր կարգին բացի «իր իւղով տապակուելու» դրոյթէն ունի բազում դրական ենթաշերտեր, կառոյցներ եւ ներկայութիւն։ Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, որ յատկապէս Պոլսոյ պարագային հայութիւնը ունի  իրական տեսլական մը ունենալու  խնդիրը։ 

 Այդ տեսլականը  բնականաբար փողոցէն պիտի չգայ, պարզ մարդոցմէ եւ համայնքի այս կամ այն մարմիններուն մէջ  տիւ ու գիշեր գործ ընող նուիրեալ ազգայիններէն պիտի չգայ… այլ պիտի գայ  ազգի «գլուխներ»էն, ու անոնցմէ անշուշտ, որ Պոլսոյ  հիմնական ձեռնարկներու սրահի ամէնէն առաջնային տեղերը կը գրաւեն, առաջին աթոռներուն վրայ կը նստին,  խօսք եւ ուղերձ կ՚արտասանեն եւ մէկ խօսքով կոչուած են այդ սիրելի համայնքի գործերը առաջ տանելու։

Ու հոս է անշուշտ, որ նոյն այդ «մեծաւորներ»ուն մօտ անկեղծ եւ բարերար ճիգի մը պակասը կը զգացուի, երազի մը պակասը ու աւելին տեսլականի մը պակասը երեւելի կը դառնայ։ Եւ անշուշտ այս իրավիճակներուն մէջ ինչ պիտի ընէ միջակ դասակարգի պոլսեցին, որ գումար խնայելու նպատակաւ իր զաւակն ու մերձաւորը տեղական    (համեմատաբար աւելի աժան) դպրոց մը կը ղրկէ …։

 Ի հարկէ տեսլականը  բաւարար չէ այս բոլորը լուծելու համար, սակայն տեսլականը հիմք պէտք է դառնայ այն համոզման, որ պոլսահայութիւնը անպայման պիտի աճի, պիտի ապրի այդ հողին վրայ ու պիտի ստեղծագործէ։

  «Արեւելք»

 

 

Ստորեւ «Ակօս»ի կողմէ ներկայացուցած դիպուկ գրառումը։

 

«Ակօս» կը գրէ՝ 

Ամառնային եռամսեայ արձակուրդի աւարտին 9 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օր մեկնարկած է 2024-2025 ուսման տարեշրջանը։

Դպրոցներու վերաբացումով յստակացաւ նաեւ քաղաքիս հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը։ Մեր քաղած լսումներու համաձայն այս տարի հայ վարժարաններ կը յաճախեն 2695 աշակերտներ։ Անոնցմէ 2109 արձանագրուած են մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններուն։ Երկրորդական բաժին յաճախողներու թիւը եղած է 585։

Այս տարի հայ վարժարանի հետ ծանօթացող աշակերտներու թիւը եղած է 429։

Թուային այս տուեալները կը հաստատեն հայ դպրոցներէ ներս աշակերտութեան նուազումի յարատեւութիւնը։

2021-2022 ուսման տարեշրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր՝ 3016։

2022-2023-ին 2865, իսկ նախորդ տարի ալ 2795 աշակերտներ կը յաճախէին քաղաքիս հայ վարժարանները։