image

«Հըզպալլա»ի ԱԹՍ-ները ներթափանցեցին Իսրայէլ. Բանակի հարիւրէ աւելի զինուորներ վիրաւորուած են

«Հըզպալլա»ի ԱԹՍ-ները ներթափանցեցին Իսրայէլ.  Բանակի  հարիւրէ աւելի  զինուորներ վիրաւորուած են

«Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը  այսօր  երեկոյեան  ծանր հարուած մը տուաւ Իսրայէլի բանակին։

«Արեւելք»ի հաւաքած տեղեկութիւններով «Հըզպալլա»ի ԱԹՍ-ներու պարս մը կարողացած է ներթափանցել  իսրայէլեան սահմաններէն ներս ու ծանր հարուած տուած  բանակին։

Գրոհը եղած է  Հայֆա քաղաքի հարաւը  գտնուող «Բէնիամինա» քաղաքին մէջ գտնուող զօրակայանի մը ուղղութեամբ, ուր  վիրաւորուած են  հարիւրէ աւելի զինուորներ։

Կարգ մը աղբիւրներու հաղորդմամբ  վիրաւորուածներուն մէջ կան  ծանր պարագաներ։

 Իր կարգին «Հըզպալլա»ի մօտիկ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ այս հարուածը  տեղի ունեցած է ի պատասխան Պէյրութի «Ալ Նուայրի» շրջանին դէմ եղած իսրայէլեան հարուածներուն։