Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կոչ կ'ընէ Իսրայէլի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն ձեռնպահ մնալու երկրի հարաւային շրջաններ այցելելէ, իսկ այնտեղ գտնուողներուն՝ անյապաղ տեղափոխուելու աւելի ապահով շրջաններ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է դեսպանութիւնը:
Խորհուրդ կը տրուի հնարաւորութեան պարագային մնալ հիւրանոցներու կամ բնակարաններու մէջ, որ օդային տագնապի պարագային հնարաւոր ըլլայ մէկ վայրկեանի ընթացքին հասնիլ ապաստարան:
Ապաստարանի մէջ պէտք է մնալ օդային տագնապի ազդանշանի աւարտէն ետք առնուազն 10 վայրկեան: