Ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր Քաթարի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ կապ հաստատած է Քաթարի տարածքին մէջ տարանցիկ գտնուող ՀՀ 41 քաղաքացի, որոնց հետ կապը կը կրէ մշտական բնոյթ։ Այդ մասին կը տեղեկանանք ԱԳՆ մամուլի խօսնակի դիմատերի էջէն:
Նշեալ քաղաքացիներէն 38-ի համար, որոնք ճամբորդած են Qatar Airways-ի միջոցով, օդանաւային ընկերութեան կողմէ ապահովուած են կեցութեան, սնունդի բոլոր պայմանները։
Քաղաքացիներէն երկուքը դեղորայքի կարիք ունեցած են. համապատասխան աջակցութիւնը ցուցաբերուած է Տոհայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ։
Մարտ 6-ին դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած է քննարկում Տոհայի մէջ մնացած ՀՀ բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ։
Դեսպանութեան կողմէ գնահատուած են կարիքները:
Քաթարի տարածքին մէջ կը գտնուի եւս 3 քաղաքացի, որոնց պարագային եւս կը դիտարկուին վերադարձի հնարաւոր տարբերակներ։
Qatar Airways ընկերութեան մարտ 9-ի չուացուցակի մէջ այս պահու դրութեամբ ներառուած է դէպի Երեւան չուերթը։