Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կը կարծէ, թէ Եւրոպան պէտք է ջանքեր գործադրէ եւ համոզէ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը՝ լուծել բաժնուած կղզիին խնդիրը` ելլելով ԵՄ կազի մատակարարման շահերէն:
«Արեւելեան Միջերկրական ծովէն Եւրոպա կազ հասցնելու ամենատնտեսող ճանապարհը Թուրքիոյ միջով է: Այս տարածաշրջանին մէջ արտադրուող ուժանիւթի հաւասար բաշխումը օգուտ պիտի բերէ բոլոր կողմերուն: Իսկ ո՞վ պիտի համոզէ Կիպրոսի յունական հատուածը՝ յստակ քայլերու ձեռնարկել կարգաւորման ուղղութեամբ: Թող Եւրոմիութիւնը համոզէ: Չէ՞ որ անոր հիմա կազ պէտք է», ըսած է ան:
Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է, որ աւելի վաղ «հիւսիսային Կիպրոսի թրքական Հանրապետութիւնը» առաջարկած է աղբիւրներու եւ անոնցմէ ստացուող եկամուտներու հաւասար բաշխման վերաբերեալ համաձայնագրերու մի քանի տարբերակներ: «Յունական կողմը չէ համաձայնած անոնց հետ: Եւ մենք այս մասին խօսած ենք ԵՄ-ի եւ այլ կողմերու հետ: Ի վերջոյ, պարզ չէ, թէ որքան ժամանակ կրնայ տեւել քաղաքական կարգաւորման գործընթացը: Նիկոսիան կ'ըսէ, որ նոր տարբերակներ պիտի առաջարկէ: Տեսնենք ինչ առաջարկներ պիտի ըլլան», նշած է ան:
Չաւուշօղլուի խօսքով` համաշխարհային ուժանիւթի շուկային մէջ լարուած իրավիճակի եւ անոնց փոխադրման հետ կապուած դժուարութիւններու պատճառով կը դիտարկուին վառելանիւթի մատակարարման նոր ուղիներ:
Չաւուշօղլուի խօսքով` ինքը մտադիր է Իսրայէլ իր այցի ընթացքին քննարկել Միջերկրական ծովին մէջ արդիւնաբերութեան հարցերը: Նման այց նախապէս նախատեսուած էր, սակայն չէ կայացած կազմակերպչական խնդիրներու եւ ղեկավարութեան աշխատանքային ժամանակացոյցերու անհամապատասխանութեան պատճառով: Անոր խօսքով` այժմ նման այց կը քննարկուի: