image

«Համաս» ողջունած է ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհուրդի բանաձեւը

«Համաս» ողջունած է ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհուրդի բանաձեւը

Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարած է, որ կ՚ողջունէ Կազայի հատուածին մէջ մշտական հրադադարի մասին ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւը:

««Համաս»–ը կ՚ողջունէ այն, որ ԱԽ–ի բանաձեւին մէջ կէտ ներառուած է Կազայի հատուածին մէջ մշտական հրադադարի, Կազայի հատուածէն զօրքերու ամբողջական դուրսբերման, գերիներու փոխանակման, տեղահանուած անձանց իրենց բնակութեան վայրեր վերադարձի, որեւէ ժողովրդագրական փոփոխութիւններէ հրաժարելու կամ Կազայի հատուածի տարածքի կրճատման, ինչպէս նաեւ այդ հատուածին մէջ մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ օգնութեան տրամադրման մասին», -ըսուած է պաղեստինեան շարժման յայտարարութեան մէջ:

«Համաս» շարժումը յայտնած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններ սկսելու բանաձեւին մէջ նշուած կէտերու իրագործման համար։