Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը կոչ ըրած է բոլոր բնակիչներուն՝ համախմբուելու գործող նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի շուրջ՝ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ երկրի ամբողջականութիւնը ապահովելու համար։ Այս մասին յայտնած է պետութեան նախկին ղեկավարի մամուլի քարտուղար Այտոս Ուքիպայը։
«Էլպասին (ազգի առաջնորդ Նուրսուլթան Նազարպաեւը) կը գտնուի Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթան քաղաքին մէջ։ Կը խնդրենք գիտակցաբար սուտ եւ ենթադրական տեղեկատուութիւն չտարածել։ Էլպասին շարք մը խորհրդատուական հանդիպումներ կը կատարէ եւ անմիջական կապի մէջ է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հետ», գրած է Ուքիպայը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Նազարպաեւը քանի մը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ղազախստանին բարեկամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ «Էլպասին կոչ կ'ընէ բոլորին համախմբուելու Ղազախստանի նախագահին շուրջ՝ առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ մեր երկրին ամբողջականութիւնը ապահովելու համար», ըսած է մամուլի քարտուղարը։