Ծանր հրթիռարձակումներ գրանցուած են այսօր Հալէպի տարբեր շրջաններուն դէմ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Տունիա» կայանը:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռարձակումները կատարուած են Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ (Ղարպի), Սապիլ եւ Էշրէֆիյէ շրջաններուն վրայ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախնական տուեալներով զոհուած են 11 անձեր եւ կան 35 վիրաւորեալներ: Աղբիւրը կը նշէ, որ վիրաւորեալներուն մէջ կան ծանր պարագաներ: