image

Օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի. շրջաններուն մէջ անձրեւ, ամպրոպ եւ կարկուտ

Օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի. շրջաններուն մէջ անձրեւ, ամպրոպ եւ կարկուտ

Երեւան քաղաքի մէջ՝

Յունիս 29-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յունիս 29-ի երեկոյեան ժամերուն, 30-ին, յուլիս 1-3-ին կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, յուլիս 1-ի երեկոյեան, 2-ի գիշերը՝ առատ։ Կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում ամպրոպի ժամանակ՝ 16-20մ/վ, երեկոյեան ժամերուն՝ 14-17մ/վ արագութեամբ։

Հանրապետութեան տարածքին`

Յունիս 29-ին կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ, 30-ին, յուլիս 1-3-ին շրջաններու զգալի մասի մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ նաեւ կարկուտ։ Յուլիս 1-2-ին առանձին հատուածներու մէջ անձրեւները պիտի ըլլան զօրաւոր։

Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան՝ 2-5մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 18-23մ/վ արագութեամբ: Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն մէջ, Արմավիրի մէջ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում 17-20մ/վ։

Օդի ջերմաստիճանը յունիս 29-էն յուլիս 1-ը ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի 2-3, Լոռիի եւ Տաւուշի մէջ՝ 5-7 աստիճանով: