image

Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Էշրէֆիյէ Շրջաններուն Դէմ Ծանր Հրթիռարձակումներ. Կան 11 Զոհեր

Հալէպի  Շէյխ Մաքսուտ Եւ Էշրէֆիյէ Շրջաններուն  Դէմ Ծանր Հրթիռարձակումներ. Կան  11  Զոհեր

 Ծանր հրթիռարձակումներ գրանցուած են այսօր Հալէպի տարբեր շրջաններուն դէմ: Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ   «Ալ Տունիա» կայանը:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռարձակումները  կատարուած   են   Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ (Ղարպի), Սապիլ եւ Էշրէֆիյէ շրջաններուն   վրայ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախնական տուեալներով    զոհուած են  11 անձեր եւ կան  35 վիրաւորեալներ:  Աղբիւրը կը նշէ,  որ   վիրաւորեալներուն մէջ կան ծանր  պարագաներ: