image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մշակութային ցոլքերէն մին՝ «Տպարան Ոսկետառ»ը (Լուսանկարներ)

Հալէպի մշակութային ցոլքերէն մին՝  «Տպարան  Ոսկետառ»ը (Լուսանկարներ)

Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանը կամ ինչպէս  ճանչցուած է «Տպարան Գօգօ»ն  քաղաքի ամէնէն հին տպարաննէրէն մին է, որ  մինչեւ այսօր կը շարունակէ  գործել: Տպարանը հիմնադրուած է 1949-ին  եւ  կոչուած ՝ «Ոսկետառ»: Հակառակ տարիներու ընթացքին վերիվայրումներ ապրելուն այն տակաւին կը կատարէ իր առաքելութիւնը  շնորհիւ  սեփականատիրոջ՝ Վաչէ Գայթանճեանի: 

 Ի դէպ օրերս  տպարանին մասին ուշագրաւ  տեղեկութիւններ   հրապարակած  է, բնիկ հալէպցի գիտաշատող, երկրաչափ՝ Ապտըլ Ալ Ռահման Ալ Ժասէր։

«Արեւելք» նպատակայարմար  համարելով  հրապարակումը, եւ  զայն արաբերէնէ թարգմանելով   կը ներկայացնէ  ընթերցողներու ուշադրութեան։

 

 

Ալ Ժասէր կը գրէ ՝

«Երեք ամիս առաջ, երբ երկար պանդխտութենէ ետք վերադարձած էի Հալէպ քաղաքս, այցելեցի հոգետունը, որ կը գտնուի Թիլէլ շուկայի սկիզբը, ապա շարունակեցի ճամբաս դէպի Ալ Ժիտէյտէ թաղամաս։ Ճամբուն վրայ ուշադրութիւնս գրաւեց հին շէնք մը, որուն վրայ զետեղուած էր փոքրիկ ցուցանակ մը՝  «Տպարան Գօգօ». շրջակայքը ամայի էր. կարծելով թէ շէնքը լքուած է, զգուշութեամբ ներս մտայ։ Այնտեղ տեսայ արաբական տան բակը ծառերու շուքին  տակ, բակին շրջանակը կային սենեակներ: Յանկարծ լսեցի տպագրական գործիքի ձայն, այնտեղ կանգնած էր մարդ մը, որ կը հսկէր աշխատանքը, բարեւեցի:  

Պարոն Վաչէ Գայթանճեան ինքզինք ներկայացուց: Զրուցելէ ետք ան սկսաւ պատմել, թէ ինչպէս սկսած է իր ասպարէզը տպարանին մէջ: Ան նախ աշխատած  է տպագրատան մէջ, որպէս տպագիր տառերը շարող:Եւ աւելի ուշ  պայմաններու փոփոխութեան  լոյսին տակ ան դարձած է տպարանի սեփանակատէր: 

1949-ին Գառնիկ Մանուշակեան գնած է տպարանը իր բոլոր  սարքերով, տառերով ու յարմարաանքներով Աւետիս Տէր Սահակեանէն: Մանուշակեան անուանած է տպարանը «Ոսկետառ»: 1949-1958 թուականներուն, Գօգօ Պորճալեան աշխատած է տպարանին մէջ, որպէս շարող եւ հրատարակութիւններու պատասխանատու: Այդ ժամանակաշրջանին տպարանի գործը այնքան ալ ծաւալուն չէ եղած, այնտեղ տպագրուած են յայտարարութեան պաստառներ, թատրոնի կամ այլ մշակութային ձերռնարկներու աֆիշներ, նաեւ «Նոր Մարաշ »պարբերաթերթի քանի մը թիւեր:

1958-ին Գառնիկ Մանուշակեան վաճառած է տպագրական  սարքը Լաթաքիոյ մէջ հիմնուած տպարանի մը: Սակայն Գօգօ Պորճալեան գնելով նոր տպագրական գործիք մը հիմնած է իր սեփական տպարանը պահպանելով «Ոսկետառ» եւ  «Տպարան Գօգօ» անունները:  Անոր գնած «Վիքթորիա» մակնիշով  տպագրական սարքը  մինչեւ այսօր  կը  շարունակէ բանիլ  ու լաւ վիճակի մէջ է:  

Այդ շրջանին տպագրուած են առեւտրական հրատարակութիւններ՝ հարսանեկան բացիկներ եւ  «Նոր Մարաշ» պարբերականի թիւեր, նաեւ Հայ Կաթողիկէ  Առաջնորդարանի հրատարակած տեղեկագիրէն որոշ թիւեր: 

 

1987-ին Գօգօ Պորճալեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելու պատճառով տպարանը վաճառած է Խաչիկ Ճոզիկեանին Եւ Յարութ Մինասեանին:  Տպարանը փոխադրուած է Հոգետունի հրապարակէն հրապարակի ետեւը գտնուող ներկայ շէնքը եւ օժտուած ժամանակակից արդիական տպագրական գործիքով։

 

1998-ին Վաչէ Գայթանճեան գնած է Յարութ Մինասեանի մասնաբաժինը, եւ իրավիճակը այսպէս շարունակուած մինչեւ 2010 թուական, երբ Գայթանճեան գնած է նաեւ Խաչիկ Ճոզիկեանի մասնաբաժինը, եւ այդպիսով տպարանը ամբողջութեամբ դարձած է   վերջինիս սեփականութիւնը: 

Գայթանճեան զարգացուցած է տպարանը աւելցնելով կտրող նոր գործիք ինչպէս նաեւ գունաւոր տպագրութեան համար գերմանական «Հայտըլպըրկ» մակնիշով տպագրական գործիք, որ տակաւին առկայ է,   ես կարդացի անոր պղնձեայ յուշատախտակին վրայ՝ «1850-1950 թուականներ, Նազիհ Տարպին, առեւտուր, ներմուծում եւ գործակալութիւն», եւ կերեւայ անշուշտ, որ  գործակալը դամասկոսցի էր: 1998-էն ի վեր, այս տպարանին մէջ տպագրուած է  շուրջ 69 գիրք արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով. պարբերականներ՝ Բերիոյ  Հայոց Թեմին եւ Հայկական  Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրատարակած տեղեկագրութիւններ: 

«Ոսկետառ» տպարանը Հալէպ քաղաքի մշակութային եւ առեւտրային  հին ձեռնարկատիրութիւններէն մին է: Շատեր շատ բան չեն գիտեր այս հնագոյն քաղաքի պատմութեան մասին: Հետեւաբար ես ուզեցի ներկայացնել օրինակ մը մեր հայ քաղաքացիներու ներդրումներէն, որոնք Հալէպ քաղաքի բարգաւաճման մէջ դեր ունեցած են: 

 

 

Շնորհակալութիւն տպարանի սեփականատէր եւ տնօրէն՝ Վաչէ Գայթանճեանին, որ  օրն ի բուն, անձամբ, ձեռք առ ձեռք տպարանի աշխաատակիցներուն հետ աշխատանքը առաջ կը տանի: 

Կ'ողջունեմ այս քաղաքի իւրաքանչիւր հաւատարիմ ու պատուախնդիր մարդը, որ լուռ ու մունջ, տքնաջան աշատանք կը տանի իր քաղաքի վերելքին համար»։ 

Նիւթը՝  «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ. Գասպար