image

«Արաս» եւ «Իսթօս» հրատարակչատուները Ամանորեան տօնավաճառ կազմակերպեցին Մօտայի Մշակութային ընկերութեան կեդրոնին մէջ

«Արաս» եւ «Իսթօս» հրատարակչատուները Ամանորեան տօնավաճառ կազմակերպեցին Մօտայի Մշակութային ընկերութեան կեդրոնին մէջ

«Արաս» եւ «Իսթօս» հրատարակչատուները Ամանորեան տօնավաճառ կազմակերպած են Մօտայի Մշակութային ընկերութեան կեդրոնին մէջ, որոնց ընթացքին  բազմաբովանդակ հանդիպումներ եւ զրոյցներ կազմակերպուած են այցելուներու համար։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Արաս» եւ «Իսթօս» հրատարակչատուները շաբաթավերջին իրենց Ամանորեան տօնավաճառը կազմակերպեցին Մօտայի Մշակութային ընկերութեան կեդրոնին մէջ։ Այս ձեռնարկը չսահմանափակուեցաւ միայն գիրքերու վաճառքով, կազմակերպիչները շաբաթավերջի զոյգ օրերուն բազմաբովանդակ հանդիպումներ եւ զրոյցներ կազմակերպեցին այցելուներու համար։ Տօնավաճառի յաջողութիւնն այն է որ գիրքը առանցքային դարձաւ, առանց՝ կեանքէն կտրուելու։

Երկու օրերու ընթացքին կազմակերպուեցան հրապարակային զրոյցներ, որոնց ընդմէջէն պատմութիւններ հնչեցին խոհանոցային մշակոյթի մասին։ Ապա աշխատանոցներուն մէջ մանուկներու նոր տարուան ուրախութիւնը հնչեց, իսկ երաժշտութեան մէջ զգալի դարձաւ Նոր Տարուան խանդավառութիւնը։

Կրկին «փաստուեցաւ» որ գիրքերը միայն դարակներու վրայ դրուած առարկաներ չեն, այլ կենդանի էութիւններ, որոնք կը պատմեն ու խորհուրդ մը ունին։

Մասնաւորաբար «Նոր տարուան սեղանը. մշակոյթի, յիշողութեան ու համի հանդիպումը» խորագրով զրոյցը անցեալն ու ներկան մէկտեղեց նոյն առանցքի շուրջ եւ ամփոփեց տօնավաճառի ոգին։ Յաջորդ օր «Թաթաւլայի նոր տարուան պատմութիւններ»ն ու «Իսթօս» երգչախումբի համերգը մօտայի բազմամշակութային յիշողութիւնը տեղափոխեցին դէպի ներկայ օրերը։ Այս բոլորը անգամ մը եւս յիշեցուցին որ Իսթանպուլը տակաւին ըսելիք ունի պատմութեան։

Յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ զեղչերը, անակնկալ նուէրներն ու անվճար մուտքը անկասկած գրաւիչ էին, սակայն տօնավաճառը առանձնայատուկ դարձաւ յատկապէս գլխաւոր նպատակով՝ միասին ըլլալու գաղափարով։