Օրերս Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան այցելութիւն տուած է ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի գլխաւոր կեդրոնատեղի։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀԵԸ-ի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շաբաթ 1 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը բարձրագոյն պատիւը ունեցաւ հիւրընկալելու Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանը։
Առաջնորդ Սրբազան հօր կ'ընկերակցէին` Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն` Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեանը, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովէն անդամներ։
Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Խումբ մը տարազաւոր Սկաուտ-Արենուշներու ներկայութեամբ՝ Հ.Ե.Ընկերակցութեան ատենապետ Եղբ. Արտեմ Չիրիշեանին, Գործադիր Մարմնի կազմին եւ Ընկերակցութենէն ներս գործող անդամներուն կողմէ։
Սրբազան հօր այցելութիւնը սկիզբ առաւ Ընկերակցութեան "Արամ Խաչատուրեան" երաժշտանոցէն, ուր ծանօթացաւ անոր որդեգրած ծրագրին եւ գործունէութեան, որմէ ետք ուղղուեցաւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան յարկը, ուր մուտքին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն։
Սրբազան հայրը Հ.Ե.Ը.-ի ատենապետի ընկերակցութեամբ շրջեցաւ Ընկերակցութեան բոլոր յանձնախումբերու սենեակները եւ ամփոփ ձեւով ծանօթացաւ անոնց աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն։
Գործադիր Մարմնի եւ Տեղական Վարչութեան անդամները մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Սրբազան Հօր եւ ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, որու աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Ընկերակցութեան տարած աշխատանքները և Հ.Ե.Ը.-ի դերը հայակերտման եւ հայապահպանման գործին մէջ ու բարի երթ մաղթեց Ընկերակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։
Աստուած օգնական Սրբազան Հայր,Ձեր ներկայութիւնը օրհնութիւն է բոլորիս։
Ձեզ կը մաղթենք քաջառողջութիւն, երկար տարիներու արեւշատ ու նուիրական բազում իրագործումներով լեցուն օրեր։