Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աննա Մանսուրեան ծնեալ՝ Գասսար (Ծնեալ Հալէպ ՝ 1928-ին)։
Ան եղած էր հայ օրինակելի մօր հարազատ տիպար։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Նշենք նաեւ, որ այս առթիւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք խմբագրութեանս յղուած կարճ մահագրականը, որ մեզի հասած է հանգուցեալի դուստրէն՝ Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեանէն։
Հայաշխարհի մէջ իւրաքանչիւր մայր հերոս է ու դարբնոց, եւ ինչ խօսք, երբ այդ մայրիկը հայրենի հողէն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրելով կարողացած է հայու արիւնով եւ աւիւնով սերունդներ կերտել։
Ստորեւ կարճ մահագրականը
Ա Ն Ն Ա
Անվերադարձ կը հեռանաս,
Ն որ երկինքներ կը բարձրանաս ,
Նոյն բաժանման ցաւը տհաս՝
Անունն է այդ ՄԱ՛Հ անխափան։
Անխուսափելի է մահը իւրաքանչիւրիս համար,սակայն բարի անձանց բաժանման ցաւն ու մորմոքը կրկնակի՛ խոցող է։
Ընտանիքի համեստ ՄԱՅՐ,
զաւակներ ,հարսեր ու թոռներ իր ետին թողած, մահուան առագաստը նստած կը հեռանայ դէպի յաւիտենականը ։ Ան իւրաքանչիւրիս մտքին ու խղճին մէջ դրոշմուած կը ձգէ ամենաքա՛ղցր յուշերն ու յիշատակները։
Լոյսերու մէջ խաղաղութեա՛ մբ ննջէ ՄԱՅՐ։
Խունկ ու մոմ հոգւոյդ։
Արքայութեա՛ ն արժանանաս։