Ինչպէս տարբեր առիթներով գրած ենք, Հալէպի մէջ տնտեսական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ։
Տնտեսական պայմաններու բերումով մեծ թիւով համայնքի անդամներ յայտնուած են ամէնօրեայ սնունդի նեղ կարիքին առջեւ։
Այս առումով ալ, ինչպէս Հալէպը «շրջապատած» արիւնալի պատերազմի օրերուն, այս ժամանակներուն եւս Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքը առաջնորդութեամբ քաջարի համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ կարիքաւոր հայ թէ տեղացի քաղաքացիներուն։
Ուշագրաւն այն է, որ սնդդեղէնի տուփերու բաշխման վերհսկած է ինք անձամբ՝ Վեր. Սելիմեանը, որ յար եւ նման համայնքային պատասխանատուներուն քաղաքացիներուն բաշխած է պարէնի սնտուկներ։
Այս բոլորի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի Հայ Աւետ. «Բեթել» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է։
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի ընկերային ծառայութեան աշխատանքները կը շարունակուին ինչպէս անցեալի օրերուն, նոյնպէս այս դժուարին օրերուն` նամանաւանդ ներկայ տնտեսական տիրող պայմաններուն։
Արդ, տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի ծրարներու բաշխում հայ համայնքի ընտանիքներուն։