image

Հալէպի համար նոր «սպասողական» վիճակ

Հալէպի համար   նոր  «սպասողական» վիճակ

Մինչ երէկ իր աւարտին կը հասնէր Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ  զինեալ խմբաւորումներուն տրուած վերջնագիրը, այսօր լրատուական ծառայութիւններ այդ  խնդրին համար «սպասողական» վիճակի մը մասին կը խօսին:

Ակներեւ է նաեւ, որ ռուսական կողմը նախօրօք հնչեցուցած իր զգուշացումներէն ետք կ'ուզէ ժամանակ շահիլ եւ խնդրին նայիլ տարբեր հարթութեամբ:

Այս  մօտեցումը շեշտակիօրէն երեւելի դարձաւ, երբ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լավրով յայտարարութիւն մը կատարելով եւ յայտնելէ ետք տրուած  պայմանաժամի աւարտին մասին, ըսաւ, որ իրենք ամերիկացի իրենց գործընկերներուն հետ պիտի քննեն  Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը եւ փորձեն այլ միջոցներով   լուծել խնդիրները:

Տեղին է նշել, որ Լավրով իր խօսքին մէջ քննադատեց Միացեալ Նահանգները ահաբեկչական խմբաւորումները «չափաւորական» որակելու, իր միտումներուն մէջ:

Այս բոլորէն անդին   ԱՄՆ  նորընտիր նախագահ Տոնպալտ Թրամբի եւ  Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութինի միջեւ եղած հեռախօսազանգը, որուն ընթացքին երկու առաջնորդները քննարկած են Սուրիոյ ու Հալէպի ընդհանուր իրադրութիւնը, յաւելեալ փաստ է, որ արեւելեան Հալէպի խնդիրը պիտի շարունակէ մնալ անլոյծ:

Ու շատ հաւանական է, որ Ռուս-ռամերիկեան նոր մերձեցման ֆոնին վրայ  Հալէպի շուրջ  ռուսական զինուորական միջմատութիւնը  նուազի եւ ատոր փոխարէն թափ ստանայ հարցերը քաղաքական հարթակ  տանելու  ձեւաչափը:

Որպէս եզրակացութիւն  կարելի է ըսել, որ մինչ սուրիական բանակը «դանդաղ կրակ»ի վրայ պիտի շարունակէ  լայնցընել Հալէպի շուրջ առկայ ընդհանուր ապահովական գօտին, բայց նաեւ յստակ է, որ Մոսկուա,  անսալով Ուաշինկթընի հետ բացուած նոր «տաք գծին», պիտի յետաձգէ արեւելեան շրջաններու ընդհանուր մաքրազերծումը:

Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերուն Հալէպի ընդհանուր պատկերը աւելի յստակ պիտի դառնայ ու պէտք է սպասել Լավրով-Քէրի սպասուած հանդիպման, որուն թուականը կ'ուշանայ: