15 Դեկտեմբեր 2022-ին, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն այցելած է Սուրիոյ ազգային հասարակական կուսակցութեան ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը՝ կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի ղեկավար, քաղաքական խորհուրդի անդամ պարոն Թալալ Հուրիի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան մէջ եղած է մեր հայրենակից՝ Յակոբ Նալպանտ-Տըլտըլեանը:
Հանդիպման սկիզբը Թալալ Հուրին նշած է, որ կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի եւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան միջեւ անցնող տարիներու ընթացքին հաստատուած են ջերմ, գործընկերային յարաբերութիւններ եւ լիայոյս է, որ կապերը այսուհետ կ'ամրապնդուին եւ հանդիպումները կը կրեն պարբերական բնոյթ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբգէն Բադալեանը հաւաստիացուցած է, որ, հաւատարիմ մնալով ձեւաւորուած աւանդոյթներուն, պիտի օգտագործէ ամէն պատեհ առիթ նմանատիպ քննարկումներու եւ մտքերու փոխանակման համար:
Հանդիպման արծարծուած են հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, բարձր գնահատուած է Հալէպի հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեանը: