Հալէպահայ տասնեակ ընտանիքներ Քեսապ ժամանած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հալէպահայ ընտանիքներու Քեսապ ժամանումը, որպէս խուճապ պէտք չէ ընկալել, որովհետեւ այդ ընտանիքներէն շատեր տուներ ունին Քեսապի մէջ եւ ամէն ամառ իրենց հանգիստը հոն կ'անցընեն: Կը նշուի նաեւ, որ շուրջ տասը ընտանիքներ Հալէպի մէջ տիրող իրադրութեան հետեւանքով մեկնած են Քեսապ եւ վարձու տուներու մէջ հաստատուած են: Կան տեղեկութիւններ նաեւ, որ աւելի վաղ Հալէպէն Քեսապ ժամանած կարգ մը ընտանիքներ գաղթած են դէպի Գանատա: Ներկայ պահու դրութեամբ Քեսապի մէջ ապահովական իրավիճակը կարելի է գնահատել, որպէս կայուն:
Հալէպի մէջ եւ անոր շուրջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, երէկ Հալէպի հայկական թաղամասերուն վրայ կատարուած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուեցաւ Ռաֆֆի Պչաքճեանը:
Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ի