Կազայի հատուածի կեդրոնական Ալ Զավայտա շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով առնուազն 15 մարդ զոհուած է, ներառեալ երեխաներ։
Ինչպէս հաղորդած է Al Jazeera հեռատեսիլային ալիքը, Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է պահեստին, ուր տեղակայուած եղած են պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած մարդիկ։ Հաղորդուած է, որ յարձակման հետեւանքով ամբողջ ընտանիք մը սպաննուած է ։
Բացի այդ, հարուածներ հասցուած են նաեւ Ալ Զավայտայէն ոչ հեռու գտնուող Նուսեյրաթ փախստականներու ճամբարի մօտակայ տներէն մէկուն։ Յարձակման հետեւանքով զոհուած է առնուազն վեց մարդ, ներառեալ երկու երեխայ: Նշուած է, որ կան վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են Ալ Աուտա հիւանդանոց։