image

Հալէպ, Քուէյթ, Թորոնթո... Ճակատագրի ճանապարհով. Մահացած է Յակոբ Անուշեանը

 Հալէպ, Քուէյթ, Թորոնթո... Ճակատագրի ճանապարհով. Մահացած է Յակոբ Անուշեանը

Թորոնթոյի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Յակոբ Անուշեանը (Ծնեալ 1941-ին ՝Հալէպ)

 

 Բնիկ հալէպահայ Յակոբ Անուշեան փոքր հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ նուիրուած իր ընտանիքին։

 

 Ան 20  տարեկան հասակին կը մեկնի Քուէյթ ուր երկար տարիներ կը գործէ տարբեր ասպարէզներու մէջ դառնալով յարգուած մէկ անդամը քուէյթահայ համայնքին։ 

 

 Ըլլալով սանը Հալէպի «Կիլիկեան» վարժարանին Յակոբ Անուշեան փոքր տարիքէն եղած է անդամ ՀՄՄ-ին, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ու նաեւ երդուեալ անդամ ՍԴՀԿ-ին։ 

 Քուէյթի մէջ եղած ժամանակ ան կազմած է հայաշունչ ընտանիք եւ հայրացած չորս զաւակներու։ 

 

 Քուէյթի փուլէն ետք Անուշեան դարձեալ վերադարձաղ է Հալէպ ու այս անգամ որպէս գործարար հիմնած է տարբեր հաստատութիւններ միշտ մնալով յարգուած մէկ անդամը հալէպահայ ծաղկուն համայնքին։ 

 

 Ի դէպ Քուէյթ գտնուած տարիներուն Անուշեան մեծ ջանքեր գործադրած է եւ մասնակից եղած է քուէյթահայ համայնքին կողմէ իրականացուած ճիգերուն, որոնք աւելի ուշ պսակուեցան Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հիմնումին։ 

 Սուրիոյ պատերազմը շատ ծանր կը նստի, ինչպէս ամենատարբեր հայ ընտանիքներուն, նոյնպէս ալ Անուշեաններու ընտանիքի ուսերուն։ 

 Արդարեւ անոնք կը ստիպուին շրջան մը հաստատուիլ Պէյրութի մէջ ու անկէ ետք ալ մեկնիլ Գանատա, ընտանիքի երէց զաւակին միանալու համար։  «Գանատան իր բոլոր յարմարութիւններով, օտար տեղ մնաց հօրս համար, ան ամէն քայլափոխի, ամէն դրուագի եւ ամէն օր կը փնտռէր իր ու մեր սիրելի Հալէպը, ու ցաւալիօրէն այդ երազով ալ մեկնեցաւ այս աշխարհէն...» այս խօսքերով իր հօր մասին պատմեց Անուշեաններու կրտսեր որդին ՝ Փանոս Անուշեանը։ 

 Փանոս նաեւ ըսաւ, որ իրենց ընտանիքին համար հայրը եղած է իրական դպրոց ու ազգին ծառայելու նուիրական մօտեցումը ինք ու իր բոլոր եղբայրներն ու քոյրը սորված են սիրելի հայրիկէն։ 

«Հայրս միշտ կ՚ըսէր, պէտք չէ հարցնել ուր եւ ինչպէս, այլ պէտք է տալ ու նուիրուիլ մեր ազգին», կ՚եզրափակէ Փանոս Անուշեան,- նաեւ նշելով, որ իր հօր համար ինչպէս Հալէպ վերադառնալը, նոյնպէս ալ մեծ երազ էր Հայաստան երթալ ու ապրիլ հայրենիքի շունչով։ 

 

 Յակոբ Անուշեանի պատմութիւնը մէկն է այն հարիւր- հարիւրներէն, որոնք Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ստիպուած եղան հեռանալ իրենց ծննդավայրէն ու այդ մեծ կարօտով ու դառնութեամբ ալ հեռանալ այս աշխարհէն։ 

 

Օտարական հողը, թող թեթեւ գայ մեր հայրենակիցի տանջուած ոսկորներուն վրայ, որ զաւակներուն ու թոռներուն, ինչպէս նաեւ հարազատներուն ու միութենական ընկերներուն կողմէ պիտի յիշուի առ յաւէտ։

 

 

  Նիւթը ՝ «Արեւելք»ի