Դժգոհ երբ ըլլաս, բնական ապրելու պիտի դժուարանաս։
Դժգոհ եթէ մնաս, վայելած բարիքներդ պիտի ուրանաս։
Գոհունակ հոգի ունեցողը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները եւ ի սրտէ Անոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ։ Գոհունակը կեանքին կը նայի "կուշտ աչքերով", " իր իւղով տապկուելու" արուեստը մնայուն սկզբունքի կը վերածէ։
Եթէ յիշենք մեր վայելած բարիքները, օրհնութիւնները, շնորհքները եւ առիթները, խոր հաւատքով "Փառք քեզ Աստուած" պիտի ըսենք։
Դժգոհը եթէ փուռ ունենայ` ուրիշին կտոր մը հացին պիտի ցանկայ։ Դժգոհը խեղճ մըն է, քանի մտքով կոյր է, քարասիրտ, խիղճով մահամերձ, ներաշխարհով աղքատ, բարոյականով սնանկացած եւ առաքինի կեանքէն օտարացած։
Գոհունակ մարդուն կեանքէն խաղաղութիւնը անբաժան է , դժգոհն ալ մշտապէս ողբերգութիւն ապրող է։
Գոհ եղողը մարդը բարին ակնկալելու տրամադրութիւն ունի, լաւատես պատկերացումներ կ`ունենայ, գաղափարները շահեկան կ`ըլլան, մաղթանքը` աղօթական, կեցուածքը` դրական, խօսքը` ջերմ, խորհուրդը` լուսեղէն։ Դժգոհութեամբ ապրողը մտահոգութեամբ եւ անորոշութեամբ կ`ապրի։ Անցեալը յիշելով ափսոսանք կը զգայ, ներկային նայելով` տրտունջք, իսկ ապագան իրեն համար անհասանելի բարձունք է։ Գոհունակը վառ յոյսերով եւ անսպառ եռանդով կը ձգտի բարելաւել ներկան եւ կերտել պատուաբեր ապագան։ Գոհունակութիւն ունեցողը նուազագոյն բարիքը աստուածատուր պարգեւ կը նկատէ։
Ղուկասի Աւետարանին մէջ յիշուած է տասը բորոտներուն բժշկութեան հրաշքը։ Բորոտութիւնը մորթային վարակիչ հիւանդութիւն էր եւ ընդհանրապէս անբուժելի։ Քրիստոս բուժեց տասը բորոտները։ Միայն մէկը " Երեսին վրայ գետին փռուեցաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոր"։(Ղկ 17.16) Տէրը հարցուց "Ու՞ր են մնացեալ իննը հոգիները"։ Անոնք ապերախտ գտնուելով գացած էին։ Բարիք ստացան, բայց Բարերարին մոռցան։ Ինչքա՜ն խորիմաստ են փառաբանական Սաղմոսին խօսքերը, երբ Դաւիթ աղօթքին մէջ իր անձին կը թելադրէ ըսելով`."Ո'վ իմ անձս, օրհնէ' Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի' մոռնար"։(Սղ 103.2) "Բոլոր" բառէն կը հետեւցնենք թէ հարկ է մանրամասն յիշել եւ մտաբերել Աստուծոյ շնորհած բարիքները, որոնք ապացոյց են Տիրոջ մարդասիրութեան, ողորմութեան, խնամքին ու գութին։ Բարիքներ, որոնք կը յուշեն Տիրոջ հայրական հովանաւորութիւնը, Իր շնորհքին ներգործութիւնը եւ օրհնաբեր օգնականութիւնը։
Ընդհանրապէս մեր աղօթքները եղած են խնդրանքներու երկա՜ր ցուցակ, չկան գոհաբանական արտայայտութիւններ։ Աղօթքը սահմանափակած ենք խնդրանքներով, եթէ յատուկ բաժին վերապահենք շնորհակալութեան` բարեպաշտական զգացումերով պիտի գովերգենք Տիրոջ անհուն սէրը եւ պիտի հիւսենք Իր մեծավայելուչ փառքը։
Դրական ապրելու գործնական միջոցներէն է գոհունակութիւն ունենալը։ Գոհունակ մարդը ընկերային կեանքէն ներս կը շահի յարգանք, համակրանք, աղօթք ու սէր։ Գոհունակ մարդուն նկարագրային յատկանիշներէն է վեհանձնութիւնն ու խաղաղասիրութիւնը։ Գովելի տուեալներ, որոնք բարոյական մաքրութեամբ ապրելու կը նպաստեն։ Մենք դժգոհելով կը վտանգենք մեր ներքին խաղաղութիւնը, կ`ալեկոծենք մեր ներաշխարհը, յոռետեսութեամբ կը խանգարենք մեր առօրեայ կեանքը եւ աղօթքէն կը հեռացնենք փառաբանութիւնն ու գովաբանութիւնը։
Կարեւոր դրամագլուխ է գոհունակութիւնը։ Կեանքին պատկերը գեղեցկացնելու ձգտող արուեստագէտ է գոհ մարդը։
Կեանքը աստուածային պարգեւ է։ Այդ պարգեւը արժեւորելու համար հարկ է գոհունակութեամբ ապրիլ։ Այլապէս Աստուծոյ շնորհքին նկատմամբ պիտի մնանք ապերախտ։
Կը պատմուի թէ մեծահարուստ մը, տունէն ելած ատեն կը նկատէ որ թաղին անկիւնը մուրացկան մը ողորմութիւն կը խնդրէ անցորդներէն: Ան ամէն օր սրտաբուխ դրամ կու տայ աղքատին, միշտ նոյն գումարը յատկացնելով: Ժամանակ մը ետք մեծահարուստը կը սկսի գումարին կէսը տալ, մուրացկանը կը դժգոհի, իսկ նուիրատուն կը բացատրէ որ զաւակներուն ծախսը շատ է, անոնք մեծցան եւ զանազան կարիքներ ունին, ուստի ստիպուած եղաւ նուազ գումար նուիրել: Մուրացկանը առարկելով կը պատասխանէ." Զաւակներդ ի՞մ հաշւոյս պիտի ապրին":
Դժգոհ էր աղքատը։ Շուտով մոռցաւ հարուստին ըրածները...։
Երբ գոհունակութիւնը կը բացակայի մարդուն կեանքէն, ապերախտութիւնը կ`արմատանայ իր էութեան մէջ։ Դժգոհութիւնը պիտի առաջնորդէ անտարբերութեան եւ կարծրասրտութեան։ Այսպիսով ցանկալու անյագ կիրքը անսզպելի պիտի ըլլայ, միայն անձնակեդրոն հաշիւները պիտի մնան առաջնահերթ։
Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ ըսելով."Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են"։(Փլպ 4.6_7) Այս խօսքերէն կ`եզրակացնենք թէ գոհունակ սիրտով աղօթողը պիտի ստանայ երկնային խաղաղութիւն։ Աղօթքի ժամանակ դժգոհը խաղաղութիւն վայելելու առիթ պիտի չունենայ, քանի իր պատկերացումն ու ակնկալութիւնը անձնակեդրոն են, ուստի իր եսակեդրոն համոզումէն ու քմահաճ տեսանկիւնէն հրաժարելու կամեցողութիւնը պիտի չունենայ։ Մինչդեռ գոհունակը Աստուծոյ կամքին յանձնուելով եւ Անոր սիրոյն վստահելով կը դիմէ աղօթքի։ Գոհունակը հաւատքի մղումով Տիրոջ կ`ըսէ."Որովհետեւ դուն ամենակա՜լ Տէր, գիտես մեր պէտքերն ու կարիքները` մեր խնդրածէն եւ մեր գիտցածէն ալ աւելի" ։ (Երեկոյան ժամերգութիւն)
Կան հիւանդներ, որոնք գոհ են, կացութեան համակերպող եւ համբերող են։ Միւս կողմէն կան առողջներ, որոնք դժգոհ են, աննշան հարցերը անլուծելի հանգոյցի կը վերածեն։ Ահաւասիկ կեանքի տարօրինակ պատկերներ...։
Գոհանալը առաքինութիւն է։ Երանելի են գոհունակ սիրտ ունեցողները, անոնք շատերո՜ւ չտեսած օրհնութիւնները կը տեսնեն եւ յաճախ պատահական կարծուած բարիքները մեծ հաճոյքով կը վայելեն։
Արժ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան