Մենք գոհունակութեամբ ընդունած ենք Ատրպէյճանին 4 գիւղը վերադարձնելու շուրջ պայմանաւորուածութիւնը. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ նախարարներու գրասենեակի նիստէն ետք, գրած են թրքական լրատուամիջոցները:
«Թուրքիան կը գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», -ըսած է ան:
Նախօրէին Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որու ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգը:
«Էրտողանը գոհունակութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացի դրական առաջընթացի կապակցութեամբ եւ նշած, որ Թուրքիան ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ գործընթացին: Էրտողանն ըսած է, որ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք` ապրիլ 17–ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այցելած էր Տաւուշի մարզ եւ հանդիպած Ոսկեպար, Կիրանց եւ Բերքաբեր գիւղերու բնակիչներու հետ։ Ասոնք այն համայնքներն են, որոնց յարակից տարածքները, ըստ Ալմա Աթայի հռչակագրի, պէտք է յանձնուին Ատրպէյճանին։ Անոնց մօտով կ՚անցնին Վրաստան տանող միջպետական ճանապարհը, Հայաստան մտնող կազամուղը։ Աւելի վաղ՝ մարտին, Փաշինեանը Տաւուշի մէջ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի պահանջածը չտալու պարագային պատերազմ կը սկսի։