Օրերս, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած է արժանթինահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին ներկայացումը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Օրկան՝«Հորիզոն»էն։
Ստորեւ հրապակարակուած թղթակցութիւնը՝
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ արժանթինահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին ներկայացումը, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեանի, Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ Թամար Շահինեանի, Մարալ Պէրպէրեանի եւ Ծովիկ Կուտեանի, վարչութեան ներկայացուցիչ Ռուբէն Սարգիսեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ խումբ մը համազգայնականներու եւ գրասէրներու:
Ներկայացման բացումը կատարեց Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանոր Սնապեան, որմէ ետք Համազգայինի «Բագին» պարբերականի խմբագիր Սոնիա-Սանան Քիլեճեանի զրուցավարութեամբ սկիզբ առաւ գիրքին հեղինակ, գրող, հրապարակագիր եւ միջազգայնագէտ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ մտերմիկ զրոյցով գիրքին ներկայացումը:
Զրուցավարը նախ անդրադարձաւ հեղինակին գրական առաջին հրապարակումներուն, որոնք լոյս տեսած էին Պէյրութի Նոր Գրականութիւն խմբակին հրատարակած «Սէր» հատորին մէջ եւ ըսաւ. «Յիշեցի Նոր Գրականութիւնը եւ Սէրը, որովհետեւ այս հատորին մէջ տեղ գտած “Քայքայումի մը առանձնութիւնը” առաջին գրութեան մէջ գրողը կ’ապրի բառերով միայն ու կը փորձէ քայքայումի մը առանձնութիւնը պեղել՝ ո՞վ, ո՞ւր, ե՞րբ հարցադրումներով, որոնք կու գան այդ հատորէն, գրուած 1986-ին եւ լոյս տեսած 1988-ին»:
Զրուցավարը այլազան հարցումներով փորձեց բացայայտել գրողին ներաշխարհը, միջավայրի ազդեցութիւնը, յուզաշխարհը, լեզուն, ոճը, բառերու աղերսը, այլ գրողներէ տպաւորումը, բանաստեղծութեան բնորոշումն ու քաղաքականութեան հետ կապակցումը:
Հեղինակը թէ՛ զրուցավարին եւ թէ ներկաներուն հարցադրումներուն պատասխանեց սպառիչ լուսաբանութեամբ եւ ըստ կարելւոյն թարգման հանդիսացաւ իր գրութիւններուն շուրջ ներկաներուն համար անիմանալի կէտերուն մասին իր մտածումներուն եւ շարժառիթներուն: Ան իր զրոյցի աւարտին անդրադառնալով գրականութեան եւ քաղաքականութեան առնչութեան ըսաւ. «Գրողը ամէն ինչէ առաջ պէտք է մտածէ լաւ գրելու մասին, գեղարուեստականին հասնելու մասին, եւ նոյնիսկ եթէ կտորներ կան, որոնց քաղաքական գաղափարները չենք բաժներ, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ գեղեցիկ են, ինչպէս օրինակ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած»ը. այսինքն բնաւ խելագարուելու տրամադիր չեմ այդ ամբոխներուն նման, ոչ ալ այդ խելագարուած ամբոխներուն աշխարհին բերած աղէտին կը հաւատամ, բայց կտորը որքան որ գաղափարախօսական է քաղաքականօրէն, բայց նաեւ բացառիկ ստեղծագործութիւն է»:
Ներկայացման ընթացքին պարբերաբար գիրքէն ընթերցումներ կատարեցին Լորիկ Սապունճեան, Յարութ Չուլճեան, Նանոր Սնապեան, Զեփիւռ Ասատուրեան, Րաֆֆի Աճէմեան եւ Ծովիկ Սարեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրում հեղինակին կողմէ, ինչպէս նաեւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: