Ազատագրուած Ղնէմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, Չորեքշաբթի, 28 յունիս 2017-ին տեղադրուեցաւ գմբէթին վրայ ձեռամբ Հոգ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեանի եւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, ներկայութեամբ Ղնէմիէ Գիւղի հայ բնակչութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»ը:
Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին։ Իսկ ամէն տարի Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հանդիպակաց Կիրակին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս․ Գէորգ եկեղեցի։ Սուրիական տագնապի առաջին տարիներուն, գիւղը գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, որուն հետեւանքով բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, իսկ եկեղեցին սրբապղծուեցաւ։
Գիւղը սուրիական բանակին կողմէ ազատագրումէն ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը վերաօծեց եկեղեցին, ապա Լաթաքիոյ մէջ օծեց եկեղեցւոյ Ս. խաչը։
Այժմ եկեղեցին գտաւ իր նախկին տեսքը, իսկ բնակչութիւնը վերադառնալով լծուեցաւ գիւղի վերականգնումի աշխատանքներուն։
Նշենք, որ Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ։ Ղնեմիէի հայ առաքելական Ս․Գէորգ եկեղեցին կառուցուած է 1875-ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ։ Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875-ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն ունի։
1959-ին, օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ Արք․Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի։ 1997-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը։
1991-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։