Լրագրող Սագօ Արեանի էջէն կը կարդանք՝
Վստահ եմ, որ Հայ Եկեղեցին իր երեք թեւերով ունի գործունեայ, իրենց առաքելութեանը տէր եւ նուիրեալ միաբան-հովիւներ։
Դրական լուրեր՝ Կիպրոսէն եւ Պոլիսէն
Օրերս երկու երիտասարդ միաբաններ նոր պաշտօն ստանձնելով անցան իրենց առաքելութեան առընթեր կարեւոր փուլի մը։
Առաջինը՝ Գերպ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրամանով դարձաւ Լիմասոլի եւ Պաֆոսի հոգեւոր հովիւ։
Երկրորդը՝ Գերյ. Հ. Վարդան ծ.վրդ Գազանճեանն է, որ հրամանովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին նշականուկեցաւ Թուրքիոյ Հայոց (Կեդրոնը Պոլիս) «Պատրիարքական կառավարիչ»։
Երկու միաբաններն ալ արժանի են դրուատիքի, ոչ միայն իրենց կրօնական ընկալումներուն եւ ուխտին համար, այլ նաեւ անոր համար, որ անոնց ծառայութիւնը միայն կրօնական չէ։
Կիպրոսը հայութեան համար իր դռները միշտ բաց պահած ամրոց մըն է, ուր վերը նշածս քաղաքներուն մէջ վերջին տարիներու հայկական կեանքը աւելիով ծաղկեցաւ ու տակաւին տեղ ունի աճելու։ Ու այստեղ Հայր Յովհաննէսը, որ վերջին տարիներուն Յունաստանի (Կիլիկեան) թեմէն ներս կարեւոր գործունէութիւն ծաւալեց, զինուած ըլլալով այդ մեծ փորձառութեամբ իր հմտութիւնները եւ նուիրական աւիշը պիտի հաղորդէ մեր ժողովուրդին ու կողքը ըլլայ Կիպրոսի Թեմի Կաթ.Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանին։
Իսկ Պոլիսը դարերու լեզուով խօսող այդ քաղաքը պիտի շարունակէ մնալ հայութեան սրտին ու հոգիին մէջ ուրոյն տեղ ունեցող քաղաք։ Հոն հայ կաթողիկէ համայնքը ունի դարաւոր ամեակներու պատմութիւն ու վստահ եմ, որ այնտեղ եւս Հայր Վարդանը իր բոլորանուէր ոգիով ու կամքով պիտի յաջողի նոր եռանդ բերել ու աւելիով ծաղկեցնել այդ համայնքը։
Երկու միաբաններն ալ բարեկամներ են, սիրելի եղբայրներ ու անոնց հանդէպ ունեցածս ակնկածանքը ունի նախապատմութիւն համակրանք։
Ի վերջոյ անոնց մեծ ծառայութիւնը՝ Մեր Տէրոջ ու նաեւ Հայ Ազգին նոր թթխմոր պիտի դառնայ բոլոր բարի գործերուն, որոնց մէջ մարդկային ու ազգային արժէքաւոր հունտեր կան։
Վստահ եմ, որ մեր եկեղեցիներուն ծառայող հաւատաւոր միաբաններու թիւը շատ մեծ է ու անոնք բոլորը արժանի են յաջողութեան եւ քաջալերանքի։
Բարի ծառայութիւն սիրելի Հայր Սուրբերուն ու նորանոր նուաճումներու մեծ մաղթանք։