Ռուսիոյ գիւղատնտեսական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւնը ծաղիկներու մատակարարումներու սահմանափակման մասին նամակ ղրկած է Հայաստանի Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի ղեկավարին։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են գերատեսչութենէն։
Աւելի վաղ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարած էր, որ իր գերատեսչութիւնը Ռուսիոյ գիւղատնտեսական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութենէն պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ ստացած՝ Ռուսիա հայկական ծաղկային արտադրանքի ներմուծման սահմանափակումներ մտցնելու վերաբերեալ։
«Նշուած նամակը պաշտօնապէս ուղարկուած է Հայաստանի Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի ղեկավար Տիգրան Պետրոսեանին։ Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ Ռուսիոյ գիւղատնտեսական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւնը կը համագործակցի Հանրապետութեան իրաւասու մարմինին հետ»,- յայտնած են Ռուսիոյ գիւղատնտեսական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութենէն։