image

Ապաքինման մաղթանք՝ Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեանին

Ապաքինման մաղթանք՝ Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեանին

«Արեւելք»-ի Պէյրութի աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի ազգային կեանքի նուիրեալներէն՝ Տիկն. Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեան, վերջերս ենթարկուած է ինքնաշարժի ծանր արկածի մը։

Բազմաթիւ կոտրուածքներ ստանալէ եւ բժշկական անհրաժեշտ խնամքը ստանալէ ետք, ան ներկայիս տնային պայմաններու մէջ կը բոլորէ իր ապաքինման շրջանը։

Տիկին Պուլտուքեան նախագահուհին է Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Միութեան»։ Ան ծանօթ է իր մշտական զօրակցութեամբ թէ՛ Լիբանանի կարիքաւորներուն եւ թէ՛ Մայր Հայրենիքի ու Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն։

Մեր սրտակցական զօրակցութիւնը կը յայտնենք յարգելի Տիկնոջ՝ մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում, որպէսզի ան անյապաղ վերագտնէ իր եռանդն ու վերադառնայ իր նուիրական գործունէութեան։