Ես երբեւէ որեւէ առնչութիւն, կարգավիճակ կամ համագործակցութիւն չեմ ունեցած պարոն Էփշթէյնի հետ։ Այս մասին գրած է միջազգային փաստաբան Ռոպերթ Ամսթերտամը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հերթական բացայայտ սուտն ու յուսահատ «սեւ PR»-ը։ Ընտրական խարդախութիւններու եւ իրենց բռնատիրական գործելաոճի բացայայտումէն սարսափած՝ իշխանական քարոզչամիջոցներն անցած են անձնական վարկաբեկման էժանագին մեթոտներու եւ սկսած են իմ անցեալի վերաբերեալ հեքիաթներ յօրինել։
Ամէնայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ ես երբեք որեւէ առնչութիւն, կարգավիճակ կամ համագործակցութիւն չեմ ունեցած պարոն Էփշթէյնի հետ։
Այս խղճուկ յօրինուածքին միակ նպատակը մէկն է՝ շեղել հանրութեան ուշադրութիւնը Հայաստանի ընտրութիւններուն արտաքին միջամտութիւններու վերաբերեալ մեր փաստաբանական խումբի հետաքննութենէն։ Սակայն ի զուր կը փորձեն. մեզ կեղծիքով չեն կրնար լռեցնել»,- գրած է Ամսթերտամը։