image

Ղազախստանն ու Ատրպէյճանը միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրած են ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին

Ղազախստանն ու Ատրպէյճանը միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրած են ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին

Աստանան եւ Պաքուն միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրած են ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին։ Փաստաթուղթը Պաքուի մէջ բանակցութիւններէն ետք ստորագրած են Ղազախստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Ռուսլան Ժաքսիլիքովը եւ Զաքիր Հասանովը: 

Հաղորդուած է, որ Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարարն ատրպէյճանցի գործընկերոջ հրաւիրած է հետեւելու Աքթաու քաղաքին մէջ յուլիսին նախատեսուած «Պիրլեսթիք-2024» մարտավարական հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւններուն։ 

Ատոնց պիտի մասնակցին Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի զինուած ուժերը։