Ղազախստանի մէջ իրադրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը կայունանայ, սուր խափանարարական երեւոյթներ չեն գրանցուիր: Այդ մասին հաղորդած է երկրի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը՝ վկայակոչելով Ազգային անվտանգութեան կոմիտէն (ԱԱԿ):
Ղազախստանի մէջ բողոքի շարժումները սկսած են Յունուար 2-ին: Ի պատասխան, իշխանութիւնները մինչեւ Յունուար 19 արտակարգ դրութիւն սահմանած են ամբողջ երկրին մէջ եւ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած: ՄԱԿ-ի տուեալներով, բողոքներու ընթացքին Ղազախստանի մէջ վերքեր ստացած է շուրջ հազար մարդ: Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, զոհուած է 17 ղազախ ուժային, տուժած՝ ավելի քան 1,3 հազարը:
Ղազախստանի իրաւապահ մարմինները գրեթէ 10 հազար մարդ ձերբակալած են երկրին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու պատճառով: