image

Ղարիպաշվիլի ստորագրած է ԵՄ-ին Վրաստանի անդամակցութեան դիմումը

Ղարիպաշվիլի ստորագրած է ԵՄ-ին Վրաստանի անդամակցութեան դիմումը

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին ուղիղ եթերով ստորագրած է ԵՄ-ին Թիֆլիսի  անդամակցութեան դիմումը: «Այսօր Վրաստանի համար պատմական օր է: Պետութեան անունով ես կը ստորագրեմ ԵՄ անդամակցութեան դիմումը: Մին անդամակցութեան դիմումը եւս մէկ կարեւոր քայլ է Վրաստանի` եւրոպական համալրման ճանապարհին: Սա փուլ է, որ մեր պատմութեան մէջ նոր ժամանակաշրջան կը բանայ», ըսած է Ղարիպաշվիլին:

Անոր խօսքով` վրացի ժողովուրդը միշտ ունեցած է եւրոպական կողմնորոշում, իսկ եւրոպական ապագան ` «գործողութիւններու անայլընտրանքային ծրագիր`որոշուած վրացի ժողովուրդին կողմէ ` վրացական որեւէ կառավարութեան համար»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 28-ին ալ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին  ստորագրած էր իր երկրին` ԵՄ անդամակցութեան դիմումը: