Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան 23 Սեպտեմբեր 2021-ին Հռոմի մէջ կայացած Հայ Կաթողիկէ Սինհոդոսի ընտրութիւններով ընտրուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. անունով, բայց Պատրիարք Կաթողիկոսի պարտականութիւններուն զուգահեռ, Հռոմի Սուրբ Աթոռի տնօրինութեամբ, պիտի շարունակէ կատարել Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդի պարտականութիւնները՝ մինչև Եպիսկոպոսաց Սինհոդոսի յաջորդ գումարումը՝ նոր Առաջնորդ Եպիսկոպոս ընտրելու համար:
Մինչ այդ 2 Նոյեմբեր 22021-ի որոշմամբ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը որպէս իր տեղապահ նշանակեց Գերհ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսեփեանը, ով հանդէս պիտի գայ Կաթողիկոս Պատրիարքի անունով եւ Առաջնորդութեան ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ որոշումներ պիտի կայացնէ՝ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ խորհրդակցելէ յետոյ:
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ աւազանի անունով Գառնիկ Յովսէփեան, ծնած է 1976 թուականի Մայիս 20-ին՝ Սուրիոյ Մելիքիէ քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի ծխական դպրոցին՝ Եփրատի Ազգային վարժարանին մէջ:
1987-1990 թուականներուն յաճախած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարան, ապրած է Զմմառու Միաբանութեան Սուրբ Վարդանանց փոքր դպրեվանքին մէջ, որու մեծաւորն էր Հ. Էմմանուէլ Վրդ. Տապպաղեանը:
1990-1995 թուականներուն ուսանած է Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան նորընծայարանը: Վիեննայի «Հագէր Միւլլէր» Պետական Բարձրագոյն Դպրոցը յաջողութեամբ աւարտելէ յետոյ մեկնած է Լիբանան՝ Զմմառ, եւ Պօղոսեան Հայրերու կաճառին մէջ հետեւած է Փիլիսոփայութեան նախապատրաստական դասընթացքներուն:
1996-ին մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայ վարժարան եւ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի Քահանայապետական համալսարանին մէջ՝ ուսանելով Աստուածաբանութիւն եւ Փիլիսոփայութիւն: 6-ամեայ համալսարանական դասընթացքը աւարտած է 2002-ին՝ ստանալով Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան պսակաւոր աստիճան:
14 Սեպտեմբեր 2002-ին՝ Սուրիոյ Բարձր Ճեզիրէի թեմին մէջ օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի: Նոյն թուականին ստանձնած է Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի Սուրբ Ընտանեաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը եւ ծառայած է մինչեւ 2012 թուականը:
2013 թուականին՝ որպէս ժողովրդապետ իր հոգեւոր առաքելութիւնը շարունակած է Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
2014 թուականի Փետրուարին՝ տեղափոխուելով Մայր Հայրենիք, որպէս փոխժողովրդապետ իր հովուական գործունէութիւնը սկսած է Կիւմրիի մէջ եւ Աշոցքի «Տիրամայր Նարեկի» հիւանդանոցին մէջ, ծառայած է նաեւ Աշոցքի տարածաշրջանի Սարագիւղ, Բաւրա, Սիզաւէտ եւ Ղազանչի Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն մէջ:
20 Փետրուար 2015-ին Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեանը նշանակուած է Փանիկ համայնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովրդապետ-հոգեւոր հովիւ:
12 Հոկտեմբեր 2015-ին՝ Կղերական ժողովի ընթացքին, Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի կողմէ նշանակուած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան Երիտասարդաց միութեան նախագահ եւ համակարգող:
18 Յունիս 2017-ին՝ քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակի կապակցութեամբ, Գերպ. Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեանին շնորհուեցաւ ծայրագոյն վարդապետի աստիճան՝ ձեռամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Նշան Գարաքէհէեանի: