image

Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.ի հանդիպումը Դուրեան վարժարանի 95 -ամեակի յանձնախումբին հետ

Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.ի հանդիպումը Դուրեան վարժարանի 95 -ամեակի յանձնախումբին հետ

Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան հանդիպում ունեցած է Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքի, «Խոսէ Պոնիֆասիօ Դուրեան վարժարան»ի 95 -ամեակի տօնակատարութիւնը կազմակերպող շրջանաւարտից յանձնախումբին հետ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պրազիլիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.

«Այսօր Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, Հայ Ազգային Դուրեան Նախակրթարան Վարժարանի 95-ամեակի տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնաժողովին հետ։ Նախկին ուսանողները արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցան Առաջնորդին հետ եւ անոր ներկայացուցին տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները: Շուտով աւելին կը տեղեկացնենք»։