image

Իսրայէլ- Իրան պատերազմի նոր փո՞ւլ. Կողմերը հարուածներ փոխանակած են

Իսրայէլ- Իրան պատերազմի նոր փո՞ւլ. Կողմերը հարուածներ փոխանակած են

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը գիշերը հարուածած են Իրանը։ Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու մամուլի ծառայութիւնը։

Յարձակման թիրախ եղած են Իրանի արեւմտեան եւ կեդրոնական շրջաններու մէջ գտնուող ռազմական թիրախները։

Մասնաւորապէս, յայտնի է, որ իսրայէլեան բանակի զօրքերը հարուածած են Իրանի Պանտար Մահշահր քաղաքին մէջ գտնուող նաւթաքիմիական համալիրը, որ կը գտնուի Խուզեստան նահանգի հարաւ-արեւմուտքը։

Իրանի «Ֆարս» լրատուական գործակալութիւնը հաստատած է կառոյցի վրայ հարուածը եւ յայտնած «մասնակի վնասի» մասին։

Աւելի վաղ՝ յունիս 7-ի երեկոյեան Իրանը հրթիռներ արձակած էր Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններու վրայ։ Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, որ որսացած է բոլոր հրթիռները։ Այդ տեղի ունեցած է Պէյրութի արուարձանին մէջ գտնուող իրանամէտ «Հըզպալլա» շարժման թիրախի վրայ Իսրայելի կողմէ հարուածէն ետք։ Իսրայէլի խօսքով՝ յարձակումը «Հըզնալլա»-ի կողմէ հրէական պետութեան հիւսիսային շրջաններու հրետակոծութեան պատասխանն էր։

Իրանի իշխանությունները նախկինում զգուշացրել էին, որ Լիբանանի մայրաքաղաքի վրա հարվածների դեպքում կպատասխանեն Իսրայելին։