Նշենք, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն ներս, ուրկէ անոր մարմինը փոխադրուած ու ամփոփուած է Գամիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Գամիշլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է «Եփրատ» Ազգային վարժարանի դաստիարակներէն՝ Օրդ. Աստղիկ Մելքոնեանը։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Գամիշլիի ազգայիններէն Բրշ. Յակոբ Աւ.Սարկ.ի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս գրած է ՝
«Գամիշլիի մէջ ի տէր հանգեաւ Ազգային Եփրատ Վարժարանի մանկապարտէզի բոլոր սերունդներու վաստակաշատ ուսուցչուհի Օրդ. Աստղիկ Մելքոնեանը։ Ան 1963 թուականին սկսած էր պաշտօնավարել հայ լեզուի դարբնոցէն ներս,նկարագրով համեստ, նուիրեալ եւ միեւնոյն ժամանակ խստապահանջ իր դասաւանդութեանը մէջ: Իսկ երբ այսօր մօտեցայ այն գուբին զոր պիտի ըլլար իր վերջին հանգստարանը, ակամայ յիշեցի 1980 թուականը. երբ կոկոն դասարանի աշակերտ էի, սիրելի Օրիորդ Աստղիկը իմ կակուղ եւ նորափթիթ ափիկս բռնած կը վարժեցներ ինծի Մեսրոպ Մաշտոցի Այբուբենը ։ Այս պահուս ուրիշ բան չեմ կրնար ըսել բացի' խոնարհումս եւ անկեղծ սիրոյ զգացումները դաստիարակ ուսուցչիս, սերունդներ կոփող ուսուցչին, նուիրեալ Առաքեալին եւ իմ շատ սիրելի եւ հարազատ ոսկեղենիկ հայերէն լեզուի ռահվիրային։
Յիշատակ Արդարոյն, Օրհնութեամբ եղիցի»։
Նշենք, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն ներս, ուրկէ անոր մարմինը փոխադրուած ու ամփոփուած է Գամիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։