image

Գահիրէի մէջ. Նահանգապետ զօր. Խալէտ Ապտըլ Ալ ներկայ եղած է Սուրբ Զատկուան Պատարագին (Լուսանկար)

Գահիրէի մէջ. Նահանգապետ զօր. Խալէտ Ապտըլ Ալ ներկայ եղած է  Սուրբ Զատկուան Պատարագին (Լուսանկար)

 

Նահանգապետը նաեւ անդրադարձած է այն զօրաւոր ու եղբայրական կապերուն եւ կրօնական հանդուրժողականութեան, որոնք կը տարբերեն եգիպտացիները այլ ժողովուրդներէ, նշելով, որ Եգիպտոս կը մնայ անվտանգ եւ ապահով երկիր բոլոր եգիպտացիներուն համար

 

Կիրակի, 17 Ապրիլին, Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Ս. Պատարագ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի կողմէ:  Արարողութեան ներկայ եղած է Գահիրէի նահանգապետ՝ զօր. Խալէտ Ապտ Ալ Աալ, որպէս ներկայացուցիչ՝ Եգիպտոսի վարչապետ՝ դոկտ. Մուսթաֆա Մատպուլիի:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի էջէն:

 Կը նշուի  նաեւ,  որ նահանգապետը փոխանցած է իր շնորհաւորութիւնները  Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, ընդգծելով սիրոյ եւ բարեկամական կապերը, որոնք կը միացնեն երկրի բաղադրիչները:    

Նահանգապետը նաեւ անդրադարձած է այն զօրաւոր ու եղբայրական կապերուն եւ կրօնական հանդուրժողականութեան, որոնք կը տարբերեն եգիպտացիները այլ ժողովուրդներէ, նշելով, որ Եգիպտոս կը մնայ անվտանգ եւ ապահով երկիր բոլոր եգիպտացիներուն համար, մաղթելով Եգիպտոսին յարատեւ կայունութիւն: Ան ըսած է, որ տօները առիթ են սէր եւ խաղաղութիւն սփռելու, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու եգիպտացիներու եւ բոլոր ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական կապերը: 

 

Նշենք նաեւ, որ   Զատկուան Սուրբ Պատարագին նոյնպէս ներկայ եղած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Դոկտ. Հրաչեայ Փօլատեան։