image

Գահիրէի մէջ. «Ալ Ատըլ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են Սուրբ Ծննդեան տօնի յատուկ ընդունելութեան

 Գահիրէի մէջ. «Ալ Ատըլ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են Սուրբ Ծննդեան տօնի յատուկ ընդունելութեան

Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի բարձր հովանաւորութեամբ հրաւէրով՝ «Արդարութիւն» («Ալ Ատըլ») կուսակցութեան ներկայացուցուչներ եւ կարգ մը երեսփոխաններ մասնակից դարձած են հայ համայնքի Ս. Ծնունդի շնորհաւորանքի ընդունելութեան: 

 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Գահիրէի Հայ Դատի ներկայացուցիչ՝ Տօքթ. Արմէն Մազլումեանի դիմատետրեան էջէն։ 

Ընդունելութեան ներկայ եղած են կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ կուսակցութեան նախագահ, խորհրդարանի ծրագիրներու եւ պիւտճէի յանձնաժողովի քարտուղար, երեսփոխան՝ Ապտ Ալ Մունիէմ Իմամ, կուսակցութեան փոխ նախագահ, երեսփոխան՝ Զէյնապ Ալ Սալաիմի, կուսակցութեան քարտուղար՝ Ապտ Ալ Ազիզ Ալ Շիննաուի, կուսակցութեան կազմակերպչական քարտուղար՝ Հուսամ Հասան, եւ երեսփոխաններ՝ Նէրմին Միշէլ, Ժիհան Աթա: 

Յատուկ շնորհակալական խօսք «Արդարութիւն» կուսակցութեան եւ Եգիպտոսի խորհրդարանի երեսփոխաններուն, որոնք շնորհաւորած են հայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ: