image

Գահիրէ. «Ազնաւուրը՝ Ազնաւուրի մասին»

Գահիրէ. «Ազնաւուրը՝ Ազնաւուրի մասին»

Թեմիս մշակութային ծիրէն ներս մէկ միջոցառում եւս կազմակերպած էր Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանը։ Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահին մէջ, Հայաստանէն հրաւիրեալ դերասան Արամ Յովհաննիսեան հանդէս եկաւ «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին»  թատերական մենաներկայացումով։

Ներկայ էին՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան, ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Հրաչեայ Փօլատեան, Գահիրէի Թեմական Ժողովի Ատենապետ Տիար Նուպար Սիմոնեան, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հոգեւոր դասը եւ մշակութասէր համայնքայիններ։

Նախքան ներկայացումը, Հոգեշնորհ Տ․ Դերենիկ Աբեղայ Սահակեան համառօտ ներկայացուց դերասանը` անոր ստեղծագործական ուղին։ Այնուհետեւ դերասանական իր տաղանդով Արամ Յովհաննիսեան ներկայացուց մեծ շանսոնիէի կեանքի հարուստ պատմութեան կարեւոր դրուագներէն, իսկ հանդիսատեսը առիթ ունեցաւ նորովի ճանչնալու մեծանուն հայուն`Շառլ Ազնաւուրին, հաղորդակից դառնալով անոր դժուարին, բայց միաժամանակ բեմական  կեանքի յաղթարշաւին։

Նշենք որ մենաներկայացման սենիարիօն, բեմադրութիւնը, նկարչական եւ երաժշտական ձեւաւորումը պատրաստած է Արամ Յովհաննիսեան, հիմք ունենալով Շարլ Ազնաւուրի հեղինակած «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» գիրքը, իսկ ներկայացման տնօրէնը Մարիաննա Ֆրունջեանն էր։

ԴԻՒԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

ԳԱՀԻՐԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ