image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսան ունի նոր Արտաքին Գործոց նախարար

Ֆրանսան ունի նոր Արտաքին Գործոց նախարար

Հաստատուած է Ֆրանսայի կառավարութեան նոր կազմը։ Արտաքին գործոց նոր նախարար նշանակուած է Եւրոպական հարցերու նախկին նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն՝ «Դեմոկրատական ​​շարժում» կուսակցութենէն։

Ան կը փոխարինէ Սթեֆան Սեժուրնէին՝ նախագահական «Վերածնունդ» կուսակցութենէն, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի առաջարկով նշանակուած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ պատասխանատու պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան բարգաւաճման եւ արդիւնաբերական ռազմավարութեան համար։

Ֆրանսայի Զինուած ուժերու նախարարի պաշտօնը կը շարունակէ գրաւել Սեպասթիան Լըքորնիւն։ Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ 63-ամեայ Հանրապետական ​​ծերակուտական Պրունօ Ռեթայօ։  Մաքրոնի կուսակցութեան պատգամաւոր, 33-ամեայ Անթուան ​​Արմանտ դարձած է Ելեւմուտքի նոր նախարար։