image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսահայ Ռիչարտ Տէմիրճի Թուրքիայէն արտաքսուեցաւ

Ֆրանսահայ Ռիչարտ  Տէմիրճի  Թուրքիայէն արտաքսուեցաւ

Թուրքիոյ ապահովական մարմիններ Պոլսոյ «Աթաթուրք»ի անուան միջազգային օդակայանէն արտաքսած են ֆրանսահայ Ռիչըրտ Տեմիրճին, վերջինիս թրքերէն իմանալուն  պատճառով: Դէպքի մանրամասները «Ակօս» շաբաթաթերթին ներկայացուցած է Ռիչըրտ Տեմիրճիի որդին՝ Դանիէլ Տեմիրճին: Դէպքը տեղի ունեցած է կիրակի օր, օդակայանի մուտքին մօտ, ուր ոստիկանները կանգնեցուցած են մեքենան եւ ուղեւորներէն, որոնց շարքին նաեւ Տեմիրճիէն անձնագիր պահանջած են: Երբ Տեմիրճին իր ֆրանսական անձնագիրը ներկայացնելէ ետք ոստիկաններուն հարցերուն թրքերէնով պատասխանած է, անոր հարցուցած են, թէ արդեօ՞ք ինք թուրք է: Ոստիկաններու՝ «թրքերէն կը խօսիս, ծննդավայրդ Սղերթ նշուած է, ինչպէ՞ս թէ թուրք չես» հարցումին պատասխանելով Տեմիրճի  ըսած է, որ  ինք ազգութեամբ հայ է եւ Ֆրանսայի քաղաքացի է: Այս հիման վրայ ոստիկանները  զինք  ահաբեկիչ  համարած են եւ մեքենայէն իջեցուցած  ու  շտապ մեկուսացուցած:  Յաջորդ օրը՝ դատարանի որոշմամբ  Տէմիրճի արտաքսուած է Թուրքիայէն: «Ակօս»  նոյնպէս  կը փոխանցէ, որ Ռիչըրտ Տեմիրճին ամիսը  անգամ մը աշխատանքային այցով  Պոլիս  կը մեկնէր, իսկ այժմ անոր Թուրքիա  մուտքը արգիլուած է: