image

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելած է «Ծիծեռնակաբերդ»-ի Յուշահամալիր

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելած է «Ծիծեռնակաբերդ»-ի Յուշահամալիր

20 մարտին, Ֆրանսախօս երկիրներու Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելած է «Ծիծեռնակաբերդ»-ի յուշահամալիր:

Պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ Ֆրանսայէն Քրիսթոֆ Անտրէ Ֆրասան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ֆրանսախօս երկիրներու Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ: Պատուիրակութեան ուղեկցած է ԱԺ հանրապետական պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեանը։

Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին եւ անմար կրակին մօտ, զոհերու յիշատակը յարգած են լռութեան րոպէով: Հիւրերը ծանօթացած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրանմուշներուն` գրութիւն ձգելով Յուշամատեանին մէջ: