image

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոնկոլիա

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոնկոլիա

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը 31 օգոստոսին քառօրեայ այց պիտի կատարէ Մոնկոլիա։

Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը։

Նշուած է, որ Մոնկոլիա ամենահեռու վայրերէն մէկն է, ուր Հռոմի Պապը երբեւիցէ այցելած է։

Գործակալութիւնը աւելցուցած է, որ Մոնկոլիոյ մէջ կ'ապրին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ընդամէնը 1300 հետեւորդ, սակայն  Չինաստանին մօտ ըլլալու պատճառով երկիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հռոմէական-կաթոլիկ եկեղեցւոյ համար։

Վատիկանէն յայտնած են, որ Հռոմի Պապը Մոնկոլիա պիտի այցելէ այդ երկրի նախագահի եւ կաթոլիկ առաջնորդներու հրաւէրով։

Վատիկանի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մաթէօ Պրունի յայտարարած է, որ այցի վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին առաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին։