Մարտական գործողութիւններու Մատաղիսի, Թալիշի, Հատրութի ուղղութեամբ իրականացուած որոնողական աշխատանքներու ընթացքին զոհուած զինծառայողներու աճիւններ չեն յայտնաբերուած:
«Այսօր որոնումներ են իրականացւում Ֆիզուլու, Հատրութի եւ Զանգելանի ուղղութիւններում»-յայտնած է Թադեւոսեանը:
27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի աւարտէն ետք մեկնարկած որոնողափրկարարական աշխատանքներու հետեւանքով առայսօր յայտնաբերուած է 1073 զոհուած զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձանց աճիւններ, ինչպէս նաեւ մարտական գործողութիւններու վայրերէն ողջ գտնուած է 7 զինծառայող եւ 2 քաղաքացիական անձ: