Թուրքիա- Բրիտանական Financial Times-ին համաձայն անցնող օրերուն Թուրքիոյ սակարանին մէջ գրանցուած տատանումները պիտի շարունակուին: Պարբերականը նկատել տուած է, որ շատ հաւանական է, որ թրքական Լիրան նահանջէ եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է երկրին մէջ գրանցուող բախումներով եւ կառավարութեան չգոյութեամբ: Նշենք, որ երկրի կեդրոնական դրամատունը յառաջիկայ շաբաթ այս օրակարգով կարեւոր նիստեր պիտի գումարէ: