image

FBI -ը խուզարկած է Ատրպէյճանի հետ կապ ունեցող գոնկրէսականին տունը

FBI -ը  խուզարկած է   Ատրպէյճանի հետ կապ ունեցող գոնկրէսականին տունը

ԱՄՆ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրօն (FBI) խուզարկած է դեմոկրատ գոնկրեսական Հենրի Քուելարի՝ Թեքսաս նահանգին մէջ գտնուող բնակարանը դաշնային լայնածաւալ հետաքննութեան գործով մը, որուն հետքերը կը տանին դէպի Ատրպէյճան եւ կապուած են նաեւ ամերիկացի որոշ գործարարներու հետ: 

Գործը կը հետաքննէ Ուաշինկթընի բարձրաստիճան դատախազը, բայց պարզ չէ՝ արդեօք Քուելա՞րն է Ատրպէյանի եւ ամերիկացի գործարար շրջանակներուն հետ առնչուող դաշնային հետաքննութեան հիմնական թիրախը:

Թեքսասի 28-րդ ընտրատարածքէն Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ ընտրուած Քուելարը, որ Գոնկրես մուտք գործած է 2005 թուականէն, եղած է Գոնկրեսի Ատրպէյանի հարցերու յանձնախումբին համանախագահը: Ան բազմիցս հանդիպած է ատրպէյճանցի պաշտոնեաներու, այդ շարքին՝ ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի հետ: