Եւրոպական Միութիւնը սկսած է ռուսական սառեցուած հաշիւներէն ստացուած եկամուտները փոխանցել ուքրանական կողմին եւ ԵՄ այն երկիրներուն, որոնք զէնք կը մատակարարեն Քիեւին: Ինչպէս գրած է ՌԻԱ Նովոսթին, այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել։
«Մենք արդէն սկսած ենք օգտագործել ռուսական սառեցուած հաշիւներէն ստացուած եկամուտները: 1,4 միլիառ եւրօ ուղարկուած է Ուքրանիա եւ ԵՄ պետութիւններուն զէնքի մատակարարումներուն համար», - ըսած է Պորել։
Պորել աւելցուցած է, որ ԵՄ փոխած է Քիեւին օգնելու տրամաբանութիւնը։ Եթէ նախապէս միութիւնը կը փոխհատուցէր երկիրները արդէն վճարուած մատակարարումներու համար, այժմ այն կ'անցնի նախնական ֆինանսաւորման ռուսական սառեցուած հաշիւներէն ստացուած եկամուտներէն։