image

Եւրոպան միայն կը շահի, եթէ շուտով խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ. Ալիեւի ներկայացուցիչ

Եւրոպան միայն կը շահի, եթէ շուտով խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ. Ալիեւի ներկայացուցիչ

Եւրոպան միայն կը շահի, եթէ շուտով խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։

Այս մասին Էսթոնիայի հանրային հեռուստատեսութեան (ERR) տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը։

Ան ընդգծած է, որ եթէ եւրոպական երկիրները չկարողանան էականօրէն օգնել այդ հարցով, ապա Ատրպէյճանը կ՚ակնկալէ, որ առնուազն՝ չմիջամտեն։

«Ես կ՚ուզէի դիմել Եւրոպական Միութեան երկիրներուն, որ անոնք աջակցին Ատրպէյճանի ցանկութեան՝ հնարաւորինս շուտ աւարտին հասցնելու խաղաղ գործընթացը եւ համաձայնութեան գալու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ։

Սա մեզի թոյլ կու տայ շրջել թշնամանքի այս էջը, եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասը աստիճանաբար կը սկսի բնականոն կեանքով ապրիլ, երբ երեք երկիրներն ալ լաւ հարեւաններ ըլլան։

Եւ ես կ՚ուզէի ձեզմէ խնդրել զերծ մնալ որեւէ գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան վնասել այս հեռանկարին։

Ցաւօք, Եւրոմիութիւնը դեռ լիովին միասնական կառոյց չէ, եւ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս առանձին երկիրներու դիրքորոշումները բացասաբար կ՚ազդեն Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ արդար խաղաղութեան հասնելու գործընթացի վրայ»,- նշած է Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը։ 

«Եւրոմիութիւնը պէտք է ուրախ ըլլայ, եթէ իր անմիջական հարեւանութեամբ, մասնաւորապէս՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, նոր պատերազմներու հեռանկարներ չըլլան»,- ընդգծած է Ամիրբեկովը։