image

Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը Ատրպէյճանի սահմանի մօտ «կ'անհանգստացնէ» Պաքուն

Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը Ատրպէյճանի սահմանի մօտ «կ'անհանգստացնէ» Պաքուն

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի հետ սահմանի մօտ կ'անհանգստացնէ Պաքուն։

Politico-ին այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Վակիֆ Սատիկովը։

«Սա երկկողմանի հարց է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ, բայց այդ տեղի կ'ունենայ մեր սահմանային կէտերէն մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ եւ խիստ ռազմականացուած միջավայրի մէջ, ուր մենք ունինք ռուս սահմանապահներ, հայ սահմանապահներ, ռուսական կանոնաւոր ստորաբաժանումներ, հայկական կանոնաւոր ուժեր եւ աւելի մօտ Իրանի սահմանին՝ իրանական զինուած սահմանապահներ: Այժմ տարածքին մէջ կան նաեւ Եւրոպական Միութեան խաղաղապահներ։ Այնպէս որ, մենք ունինք օրինական անվտանգութեան խնդիրներ»,- ըսած է ան:

Սատիկովը զգուշացուցած է, որ առաքելութիւնը կրնայ դիտարկուիլ որպէս տարածաշրջանի մէջ իր ներկայութիւնը զօրացնելու Պրիւքսէլի փորձ։

Politico-ն նաեւ մէջբերած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայի հետ զրոյցը, որ խնդրած է անանուն մնալ: Ան ափսոսանք յայտնած է այն փաստի համար, որ դիտորդական առաքելութիւնը կարծես թէ վատթարացուցած է Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները ատրպէյճանական կողմի հետ. «Մենք այլ սենարի յոյս ունէինք Պաքուի հետ։ Մենք Ատրպէյճանի հետ կը կիսենք բոլոր համապատասխան տեղեկութիւնները պարեկային ծառայութեան եւ այլնի մասին, քանի որ չենք ուզեր որեւէ խնդիր»: