image

«Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէի արդիւնքը կարելի չէ կանխատեսել».Քամերոն

«Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէի արդիւնքը կարելի չէ կանխատեսել».Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստովանած է, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ այսօր տեղի ունենալիք հանրաքուէի արդիւնքը անկարելի է կանխատեսել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:

Ինչպէս կը վկայեն «Այ.Ճի.» ելեւմտական ընկերութեան պատուէրով «Սըրվէյշըն» ընկերութեան կողմէ կատարուած ընկերային հետազօտութեան հրապարակուած արդիւնքները, հարցախոյզին մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը այսօրուան հանրաքուէին մտադիր է քուէարկել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օգտին, իսկ հակառակ կարծիքը ունեցողներուն համեմատութիւնն է 44 առ հարիւր:

«Պելկա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր նախազգուշացուց, որ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը «ինքնասպանութեան արարք» պիտի դառնայ երկրին համար:

«Իր դրացիներէն երես դարձնելն ու մեկուսացման ուղին բռնելը պիտի նշանակէ դէմ ըլլալ Եւրոպային ու Բրիտանիոյ: Ատիկա անձնասպանութեան արարք պիտի ըլլայ», ըսած է ան: