Եւրոմիութիւնն ինքը անկման եզրին է, եւ պիտի չմտածէ, թէ ինչպէս փրկէ պետութիւն մը, որ իր հետ ոչ մէկ կապ ունի՝ ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու հեռանկարին:
Ան Հայաստանի համար նաեւ մեծ խնդիր համարած է Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն համապատասխանելու հարցը, բարձր մաքսատուրքերը, համախառն ներքին արժէքի անխուսափելի անկումը: Զախարովայի խօսքով՝ Հայաստանի համար բացառութիւններ պիտի չըլլան, եւ «պիտի չվճարէ Հայաստանի փոխարէն»:
«Եւրոմիութեան մէջ ոչ ոք կը խօսի ներդրումներն աւելցնելու մասին, անոնց մօտ լրջագոյն տնտեսական ճգնաժամ է»,- ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Անոր խօսքով՝ Եւրոպական Միութիւնը ֆինանսական միջոցներն ուղղած է Ուքրանիոյ եւ կը փորձէ նաեւ «կիսատ անդամ» երկիրներու վրայ ալ բարդել Ուքրանիոյ վերականգնման բեռը: